Ազգային Ժողովէն ներս այսօր՝ մայիս 29-ին, Ազգային Ժողովի յանձնաժողովներու համատեղ նիստին 2022 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականի քննարկման ժամանակ իր ելոյթին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մէկ անգամ յայտարարած է՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պատրաստ են ճանչնալու իրար տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Առնուազն հասկանալի չեն այս առումով Ադրբեջանի նախագահի երէկ արած մի շարք յայտարարութիւններ: Ես կարծում եմ, որ այստեղ ե՛ւ Ադրբեջանը, ե՛ւ միջազգային գործընկերները առնուազն պէտք է պարզաբանեն, թէ արդեօ՞ք դա նշանակում է հրաժարում Բրիւսելում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններից»,- ընդգծած է վարչապետը:
Ան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին ըսած է, թէ պէտք է գործընկերներէն ստանալ այս հարցի պատասխանը:
«Տեքստը, որ հնչել է, շատ մօտիկ է դրան, բայց ես չեմ ուզում մեկնաբանութիւն անել, կարծում եմ՝ այստեղ պէտք է լրացուցիչ ճշգրտումներ մտցնենք, որ մեր հետագայ գործողութիւնները պլանաւորենք»,-ըսած է ան:
Նշենք, որ նախօրէին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը պէտք է իրականացուի Պաքուի պայմաններով. «Սահմաններու սահմանազատումը պէտք է ըլլայ մեր պայմաններով, այսինքն՝ արդար պայմաններով։ Խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային չափանիշերու վրայ, Նախիջեւան տանող ճանապարհը պէտք է բաց ըլլայ։ Հայաստանի զինուած ուժերու բոլոր ներկայացուցիչները պէտք է դուրս բերուին Ղարաբաղէն։ Ասոնք են մեր պայմանները։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի վրայ», - յայտարարած էր Ալիեւ։