Ալիեւի «երազանք»ն էր, որ Էրտողան վերընտրուի.Դիտարկում

Ալիեւի «երազանք»ն էր, որ Էրտողան վերընտրուի.Դիտարկում

Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի յաղթելն ամբողջովին կը փոխէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հայեցակարգը Հայաստանի համար: Այս մասին NEWS.am–ի հետ զրոյցին նշած է թուրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեանը։

Թուրքագէտի խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են վերանայիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման իրենց հայեցակարգը.

«Մէկուկէս տարի է անցել իրենց բանագնացների հանդիպումներից, սակայն զրօ արդիւնք: Եւ ոչ միայն զրօ արդիւնք, աւելին, մենք ունենք յետընթաց: Էրդողանի, Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնները Նեմեսիսի արձանը տեղադրելու վերաբերեալ, Հայաստանի նկատմամբ պատժամիջոցը՝ Հայաստանի համար Թուրքիայի օդային տարածքի փակումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիայի ուղիղ սպառնալիքները Նեմեսիսի արձանը հանելու մասով. դա աննորմալ երեւոյթ է, երբ երկու երկրները փորձում են յարաբերութիւններ կարգաւորել, եւ մի երկիրը գնում է ոչ թէ մեղմացման, այլ սպառնալիքի: Թուրքիայի յարաբերութիւնների կարգաւորման համար պէտք է նայել ռացիոնալ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել առաջին կարգաւորման տխուր փորձին եւ դրա հետեւանքներին»:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Էրտողանին աջակցութիւն յայտնելուն, եւ հարցին՝ արդեօ՞ք Էրտողանի վերընտրուիլը կը նշանակէ, որ պիտի խորանայ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչն ալ բացասական իմաստով պիտի ազդէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու վրայ, թուրքագէտն ըսած է.

«Էրդողանի ընտրուելը ոչ միայն հայ թուրքական յարաբերութիւններում բաւականին կնճռոտ զարգացում է, այլ նաեւ Հայաստան-Ադրբեջան յարաբերութիւնների կարգաւորման մէջ, քանի որ Ալիեւը, կրկին ունենալով Էրդողանի աջակցութիւնը, կը փորձի Հայաստանից կորզել մաքսիմումը: Էրդողանից յետոյ աւելի շատ Ալիեւն էր ուզում, որ նա վերընտրուի: Սա մեզ համար բացասական զարգացում էր, քանի որ Ալիեւը տեսնում էր, որ Քըլըչդարօղլուն այդքան էլ ոգեւորուած չէր ռազմական ագրեսիայով»: