image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ յոյս ունի Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի մէկ տարուան ընթացքին

Ալիեւ յոյս ունի Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի մէկ տարուան ընթացքին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքուի մէկ տարուան ընթացքին: Այդ մասին ան յայտարարած է Պաքուի  IX համաշխարհային համաժողովի ժամանակ:

«Ես յոյս ունիմ, որ մենք կը կարենանք կնքել խաղաղութեան պայմանագիրը մէկ տարուան ընթացքին: Անկէ յետոյ Կովկասի մէջ կը հաստատուի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն: Ատրպէյճանը արդէն ձեռնարկած է այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերը», ըսած է ան: