image

Ալիեւ տարածքային պահանջներ կը հնչեցնէ Հայաստանի դէմ

Ալիեւ տարածքային պահանջներ կը հնչեցնէ Հայաստանի դէմ

«Հայաստանը կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ կը ստիպէ Ատրպէյճանին նման քայլերու ձեռնարկելու անոր տարածքին հետ կապուած», ըսած է Ալիեւ:

 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, օգտագործելով կեղծ փաստարկներ, տարածքային պահանջներ ներկայացւոցած է Հայաստանին:

«Հայաստանը կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ կը ստիպէ Ատրպէյճանին նման քայլերու ձեռնարկելու անոր տարածքին հետ կապուած», ըսած է Ալիեւ:

«Եթէ Հայաստանը շարունակէ կասկածի տակ դնել մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա Ատրպէյճանը այլ ելք չ'ունենար, քան կասկածի տակ դնել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը: Անոր խօսքով` «...անցեալ հարիւրամեակի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ 1920 թուականի Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն վեց ամիս անց, խորհրդային իշխանութիւնը վերցուցած է մեր երկրին պատմական մասը` Զանգեզուրը եւ միացուցած է Հայաստանին: Հետեւաբար, եթէ Հայաստանը Ղարաբաղի հայերուն համար կարգավիճակ պահանջէ, ինչո՞ւ պէտք է ատրպէյճանցիները Արեւմտեան Զանգեզուրի մէջ ատրպէյճանցիներուն համար կարգավիճակ չպահանջեն: Ի վերջոյ, այդ տարածքը ամբողջութեամբ ատրպէյճանցիներով բնակեցուած եղած է»:

«Կը կարծեմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք չէ մոռնայ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին դասերը, պէտք է լաւ իւրացնէ այդ դասերը եւ հրաժարի Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային որեւէ պահանջէն», ըսած է ան: Ալիեւի խօսքով, Կովկասի տեսլականը համագործակցութիւնն է, համարկումն ու խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ: «Ատրպէյճանը արդէն ըրած է իր առաջարկները, որպէսզի առաջին քայլը ընէ, մենք քննարկած ենք այդ հարցը վրացական կողմին հետ: Վրաստանի կառավարութիւնը կ'աջակցի երկխօսութիւն սկսելու նպատակով Վրաստանի մէջ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում կայացնելու գաղափարին: Ցաւօք, հայկական կողմը կը հրաժարի: Եւ ես չեմ գիտեր, թէ ինչն է պատճառը, անոր համար ծանրակշիռ բացատրութիւն չեմ գտեր: Որքան գիտեմ, առաջարկ եղած է նաեւ եւրոպական կառոյցներէն մէկէն, եւ կրկին մերժում ստացուած է: Եթէ Հայաստանը խաղաղութիւն չ'ուզեր, ապա ի՞նչ կ'ուզէ: Եթէ նոր պատերազմ, այդ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ անոնց համար», ըսած է Ալիեւ: