image

Ալիեւ. Խաղաղութեան պայմանները պատրաստ են

Ալիեւ. Խաղաղութեան պայմանները պատրաստ են

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները։

«Այս տարուան հոկտեմբերին Փրակայի եւ Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումներուն Հայաստանը պաշտօնապէս ճանչցաւ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Կը կարծեմ, որ անկէ յետոյ բոլոր պայմանները ստեղծուեցան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար, եւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ Ատրպէյճանի կողմէ առաջարկուած յայտնի հինգ սկզբունքներու հիման վրայ», - ըսած է Ալիեւը՝ Աշխարհի ատրպէյճանցիներու համերաշխութեան օրուան եւ Ամանորի կապակցութեամբ։