Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ Ատրպէյճանը կը նախատեսէ «Զանգեզուրի միջանցքով» նոր ելեկտրահաղորդման գիծ կառուցել:
«Մենք կը նախատեսենք նոր գիծ կառուցել Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն «Զանգեզուրի միջանցքով», իսկ այնտեղէն` Թուրքիա եւ Իրան: «Զանգեզուրի միջանցքը» ոչ միայն երկաթուղի եւ մայրուղի է, այն իր դերը պիտի ունենայ ուժանիւթի աղբիւրներու արտահանման գործին մէջ», ըսած է Ալիեւ:
«Աճող արտահանումը պիտի բարձրացնէ մեր աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը եւ մեզ լրացուցիչ եկամուտներ պիտի բերէ», յաւելած է Ատրպէյճանի նախագահը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանը կը նախատեսէ «ազատագրուած տարածքներու մէջ» կառուցել մօտ 30 հիտրոէլեկտրակայան: