image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի ճանապարհը պատրաստ է գրեթէ 90%-ով, երկաթգիծը՝ 70%-ով. Ալիեւ

«Զանգեզուրի միջանցք»ի ճանապարհը պատրաստ է գրեթէ 90%-ով, երկաթգիծը՝ 70%-ով. Ալիեւ

«Զանգեզուրի միջանցք»ի ճանապարհը պատրաստ է գրեթէ 90%-ով, երկաթգիծը՝ 70%-ով։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

«Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցքի» կառուցման, ապա այնտեղ մեքենաներու ճանապարհը պատրաստ է գրեթէ 90%-ով, իսկ երկաթգիծը՝ մօտաւորապէս 70%-ով։ Յոյս ունիմ, որ մօտ ապագային այս նախագիծը լիարժէք կեանքի կը կոչուի»,- յայտարարած է ան։

Ատրպէյճանի ղեկավարը նաեւ ընդգծած է Թուրքիոյ հետ համակարգուած աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ հարեւան երկրի մէջ արդէն մեկնարկած է Կարս-Նախիջեւան երկաթգիծի շինարարութիւնը։

«Մենք գիտենք եւ շատ ուրախ ենք, որ Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս սկսած է Կարս-Նախիջեւան երկաթգիծի շինարարութիւնը։ Այս նախագիծերու զուգակցումը պիտի բանայ նոր կարեւոր միջազգային միջանցք, որ պիտի դառնայ «Միջին միջանցքի» ճիւղերէն մէկը։ Մեր կողմէ կառուցուող երկաթուղային ենթակառուցուածքն առաջին փուլին նախատեսուած է 15 միլիոն թոն բեռերու փոխադրման համար, սակայն ապագային այդ ցուցանիշը կրնայ աւելնալ»,- ըսած է Ալիեւը։