image

Ալավերդիի աւագանին անվստահութիւն յայտնեց Արկադի Թամազեանին, եւ նոր համայնքապետ ընտրեց ՔՊ-ական Դաւիթ Ղումաշեանը

Ալավերդիի աւագանին անվստահութիւն յայտնեց Արկադի Թամազեանին, եւ նոր համայնքապետ ընտրեց ՔՊ-ական Դաւիթ Ղումաշեանը

Ալավերդի համայնքի աւագանին անվստահութիւն յայտնեց «Ապրելու երկիր» խմբակցութեան անդամ, քաղաքապետ Արկադի Թամազեանին։ Աւագանիի 27 անդամէն 14-ը կողմ քուէարկած է Թամազեանը հեռացնելու հարցին։

Գաղտնի քուէարկութեամբ համայնքապետ ընտրուած է աւագանիի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար, Շնողի նախկին համայնքապետ Դաւիթ Ղումաշեանը։

Նշենք, որ 5 դեկտեմբերին Ալավերդիի մէջ արտահերթ նիստ գումարուեցաւ, որուն ներկայ էին Ալավերդի խոշորացուած համայնքի աւագանիի 27 անդամէն 14-ը։

Նիստի գաղտնի քուէարկութեան աւարտէն ետք նիստերու սենեակ մտաւ գործող համայնքապետ Արկադի Թամազեանը, ներս մտաւ նաեւ Մեսրոպ Առաքելեանը։

Թամազեանը նշեց, որ նիստը սկսած են օրէնքի խախտմամբ, քանի որ պէտք է 30 վայրկեան սպասէին, մինչ համայնքապետը կամ տեղակալը գային, եւ յետոյ միայն անոնց չգալու պարագային նիստը կը վարէր աւագ անդամը։

Յետոյ Մեսրոպ Առաքելեանը վերցուց քուէատուփը՝ լրագրողներուն ցոյց տալու, որ արդէն քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է, որմէ ետք լեզուակռիւ ու քաշքշուկ սկսած է։ Ոստիկանները դուրս տարած են Առաքելեանը։

Քուէատուփի հետ տեղի ունեցած միջադէպի պատճառով առաջարկուած է նախկին քուէարկութիւնը համարել անվաւեր եւ քուէարկել երկրորդ անգամ:

Նշենք, որ սենեակին մէջ էր նաեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արէն Մկրտչեանը։ Վերջինիս եւ Թամազեանի միջեւ եւս լեզուակռիւ սկսած է, վիրաւորանքներ հնչած են։ Ոստիկանները դուրս տարած են նաեւ Թամազեանը։

Նշնենք, որ Ալավերդիի համայնքապետարանի շէնքի մուտքի մօտ բողոքի հաւաք իրականացուցած են Ալավերդիի բնակիչները՝ ի պաշտպանութիւն համայնքապետին։