Ատրպէյճանը Հայաստանի դէմ հայց ներկայացուցած է Հաակայի մշտական իրաւարարութեան դատարան՝ պահանջելով փոխհատուցել իբրեւ թէ Արցախի մէջ շրջակայ միջավայրի եւ եզակի բնութեան «ոչնչացման» համար։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն:
Յայտարարութեան համաձայն՝ հայցը ներկայացուած է փետրուար 12-ին՝ Եւրոպայի մէջ վայրի կենդանական եւ բուսական աշխարհի եւ բնական միջավայրերու պահպանման մասին 1979 թուականի համաձայնագրի համաձայն («Պեռնի համաձայնագիր»): Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, թէ Հայաստանը թոյլ տուած է համաձայնագրով ստանձնած շրջակայ միջավայրի պահպանութեան իրաւական պարտաւորութիւններու բազմաթիւ «խախտումներ»։
«Հայաստանի գործողութիւնները անդառնալի վնաս հասցուցած են տարածաշրջանի կենդանական աշխարհին ու տեսակներուն: Ատրպէյճանը Հայաստանէն կը պահանջէ ամբողջական փոխհատուցում կենսամիջավայրերու եւ կենդանական աշխարհի զանգուածային ոչնչացման համար, մասնաւորապէս այն գործողութիւններու համար, որոնք բացասաբար ազդած են հարիւրաւոր տեսակներու եւ կենսամիջավայրերու վրայ։ Խօսքը նաեւ լայնածաւալ անտառահատումներու, անարդիւնաւէտ ծառահատումներու, հանքարդիւնաբերական գործունէութեան եւ ջրաելեկտրակայաններու կառուցման մասին է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։