image

«Air France» նշած է Փարիզ-Երեւան առաջին թռիչքի 10-րդ ամեակը

«Air France» նշած է Փարիզ-Երեւան առաջին թռիչքի 10-րդ ամեակը

17 Նոյեմբերին «Air France» նշած է Փարիզ-Երեւան թռիչքներու հաստատման 10-րդ տարեդարձը: Այս մասին տեղեկութիւն կը ստանանք «Նոր Յառաջ»էն: «Air France»ի առաջին թռիչքը տեղի ունեցած էր 2006 թուականին` Շառլ Ազնաւուրի մասնակցութեամբ: Այս տասը տարիներու ընթացքին Փարիզ-Երեւան թռիչքներէն օգտուած է աւելի քան 500 հազար ճամբորդ:
17 Նոյեմբերին Ֆրանսայի Երեւանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին այս մասին յայտնած է «Air France KLM»ի տարածարջանային վարիչ Ֆրանք Վան՚թ Հոֆ:
Հայաստանի մէջ «Air France»ի պաշտօնական ներկայացուցիչը «Executive Travel» գործակալութիւնն է: Ներկայացուցչութեան նախագահ-համասեփականատէր Լեւոն Պաղտասարեան, որ նոյնպէս կը մասնակցէր դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, նշած է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, երբ թռիչքները անկանոն դարձան, դէպի Հայաստան թռիչքի անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ, ինչ որ առիթ ընծայեց չարթըրային թռիչքներու հաստատման, ապա, ժամանակի ընթացքին, երբ ճամբորդներու հոսքը մեծցաւ, իրենց ընկերութիւնը «Air France»ին Հայաստան գալու առաջարկ ներկայացուց: Ըստ Լեւոն Պաղտասարեանի, տարուէ տարի թռիչքներու յաճախականութիւնը աւելցաւ, ճամբորդներու հոսքը մեծցաւ: Այժմ` ամռան շրջանին «Air France» Երեւանէն դէպի Փարիզ եւ հակառակ ուղղութեամբ շաբաթական 4 թռիչք կը կատարէ, ձմռան` 2: Ինչ կը վերաբերի տոմսերու սակագիներուն, պարոն Պաղտասարեան ըսած է, որ արդէն մէկ ամիսէն աւելի է՝ Երեւանէն Փարիզ մեկնողներու համար տոմսի գինը 25 տոկոս նուազած է:
Ան նշած է նաեւ, որ լուրջ ջանքեր ի գործ կը դնեն դէպի Երեւան թռիչքներու թիւը աւելցնելու համար, ընդգծելով նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ «բաց երկինք»ի քաղաքականութեան որդեգրումը կարեւոր հանգրուան մըն էր երկրին զբօսաշրջութիւնը եւ տնտեսութիւնը խթանելու տեսանկիւնէն:
Աւելցնենք նաեւ, որ օրը զուգադիպելով «Beaujolais nouveau» գինիի տօնին, յոբելեանը նշուած է 2016-ի բերքին ճաշակումով: