Գերմանիան Պաղտատի մէջ գտնուող իր դեսպանատան աշխատակիցները ժամանակաւորապէս դուրս բերած է Իրաքէն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութենէն առաջացած անվտանգութեան մեծ ռիսքերու պատճառով։ Ինչպէս կը հաղորդէ France 24-ը, այս մասին մարտ 9-ի ուշ երեկոյեան յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը։
«Պաղտատի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան անձնակազմը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Իրաքէն՝ վտանգաւոր իրավիճակին պատճառով»,– յայտնած է խօսնակը՝ աւելցնելով, որ աշխատակազմին անվտանգութիւնը շարունակաբար կը գնահատուի։
Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը Իրանի դէմ համատեղ ռազմական գործողութիւն սկսած են փետրուար 28-էն՝ մեղադրելով Թեհրանը հրթիռային եւ միջուկային ծրագիր զարգացնելու համար։ Իրանը հերքած է այս մեղադրանքները եւ պատասխան հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլին, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն մէջ գտնուող ուժանիւթի կառոյցներուն եւ ամերիկեան ռազմակայաններուն։