Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի միջեւ մարտ 8-ին կայացած հեռախօսազրոյցէն ետք Ատրպէյճանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Իրան։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ Ատրպէյճանի նախագահի յանձնարարութեամբ օգնութիւնն ուղարկուած է՝ Իրանի ժողովուրդի ներկայիս կարիքները բաւարարելու համար։
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մեքենաներով Իրան ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը կը ներառէ 10 թոն ալիւր, 6 թոն բրինձ, 2,4 թոն շաքար, աւելի քան 4 թոն ջուր, մօտ 600 քկ թէյ եւ մօտ 2 թոն դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ։