Սուրիական բանակը յայտարարած է, որ Լիբանանէն արձակուած հրետանային արկեր ինկած են Դամասկոսէն արեւմուտք գտնուող Սըրղաիա գիւղաքաղաքին մօտակայքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ պետական SANA լրատուական գործակալութիւնը։
Բանակը մեղադրած է «Հըզպալլա»-ն՝ սուրիական բանակի դիրքերը թիրախաւորելու համար։
Գործակալութեան տեղեկութիւններով «Հըզպալլա»-ի ուժերու ամրացումներ նկատուած են Սուրիա-լիբանանեան սահմանին վրայ։
Սուրիական բանակը նաեւ յայտնած է, որ կը գնահատէ իրավիճակը՝ աւելցնելով, որ կապի մէջ է Լիբանանի բանակի հետ եւ կը քննարկէ անհրաժեշտ գործողութիւններ ձեռնարկելու համապատասխան տարբերակները։
«Սուրիոյ Արաբական բանակը չի հանդուրժեր երկրին դէմ ուղղուած որեւէ յարձակում»,– նշուած է բանակի յայտարարութեան մէջ։
Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն եւ երկրի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի սպանութենէն ետք լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը սկսած է հարուածներ հասցնել Իսրայէլին, որուն պատասխան Իսրայէլը ռազմական գործողութիւններ սկսած է Լիբանանի մէջ։