image

ԱՀԱԸ-ն միշտ պատնէշի վրայ. Նոր կեդրոնի բացում սահմանային Բերդ քաղաքին մէջ

 ԱՀԱԸ-ն միշտ պատնէշի վրայ. Նոր կեդրոնի բացում սահմանային Բերդ քաղաքին մէջ

 Ինչպէս միշտ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի մարմինը կը շարունակէ մնալ ծառայութեան պատնէշի վրայ։ 

 Օրերս ԱՀԱԸ-ն բացած է իր նոր կեդրոնը Հայաստանի սահմանային Բերդ քաղաքին մէջ, բան մը որ ինքնին խօսուն փաստ պիտի համարել, Հայաստանի սահմանային շրջաններուն առընթեր ԱՀԱԸ-ի ունեցած գովելի ուշադրութեան։

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը։

14 Ապրիլ 2023-ին, Տավուշի Մարզի Բերդ քաղաքին մէջ իրականացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Կեդրոնի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ ինչպէս Նիտէրլէնտի Թագաւորութեան Արտակարգ եւ Լիազոր Դեսպանը, ծրագիրը համաՖինանսաւորող Mission Possible եւ Diakonia կազմակերպութիւններու ղեկավարները, Համայնքապետարանի եւ Մարզպետարանի ներկայացուցիչները, Բերդին մէջ գործող այլ կազմակերպութիւններու ղեկավարները, դպրոցներու տնօրէնները եւ այլ անձիք։

Աւետարանչականի Բերդի այս նոր Կեդրոնին մէջ պիտի գործէ Ցերեկային Կեդրոն՝ 30 երեխաներու համար, ինչպէս նաեւ բարեգործական ճաշարան՝ 60 մեծահասակի համար։ Ցերեկային Կեդրոնի նպատակն է կեանքի դժուարին իրավիճակներու մէջ յայտնուած երեխաներուն համակողմանի կրթութեան, անձնային աճի եւ զարգացման ապահովումը։

9-16 տարեկան երեխաներ բոլոր աշխատանքային օրերուն դասերէն ետք կը յաճախեն Կեդրոն, ուր անոնք կը ստանան առողջ սնունդ, կ’իրականացուին դասապատրաստում մայրենի լեզուի եւ թուաբանութեան առարկաներու, ինչպէս նաեւ կը գործէ նկարչութեան, անգլերէն լեզուի խմբակներու եւ սոցիալական աշխատանքի խմբային հանդիպումներ, որոնց ընթացքին երեխաները կը սորվին կեանքի հմտութիւններ։

Բարեգործական Ճաշարանին մէջ բոլոր աշխատանքային օրերուն մեծահասակները կը ստանան տաք սնունդ, եւ անոնց համար պարբերաբար կը կազմակերպուի ժամանցային միջավայր եւ ջերմ մթնոլորտ՝ խաղերով, Ֆիլմերով եւ միջոցառումներով։

Նման նորաոճ ու յարմարաւետ շէնքի կառուցումը Աւետարանչականի մատուցած ծառայութիւնները կը դարձնեն ալ աւելի ոգեշնչող նպաստընկալներուն, իսկ գործի ընթացքը՝ աշխատակիցներուն համար։

«Աւետարանչականը կը շարունակէ տարածել իր ‘բարի’ առաքելութիւնը ամբողջ հայկական բնաշխարհով՝ յատուկ շեշտադրումով սահմանամերձ գիւղերու վրայ» ըսաւ Զաւէն Խանճեան, Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնը։