Վեր. Ռընէ Լեւոնեան կը շարունակէ ուշի ուշով հետեւելի Ռուսաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութեանց։
Երկար ժամանակ Հայաստանի մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած Վերապատուելին վերջին շաբաթներուն կը գտնուէր Ռուսաստան եւ այցելութիւն տուած է զանազան կարեւոր քաղաքներ, ուր ներկայութիւն ունի Հայ Աւետարանական դարաւոր եկեղեցին։
Վերապատուելին այս առթիւ կատարած է գրառում մը, եւ զայն կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Մոսկուա, Սէյնթ Փեթերսպուրկ, , Սոչի եւ Կրասնոտար։
Քիչ առաջ իր աւարտին հասաւ Ռուսաստանի մէջ իմ 2-շաբաթեայ հովուական առաքելութիւնը։
Իսկապես, ես պատիւ ունիմ նախագահելու Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը։ Այս միութեանը մաս կը կազմեն է նախկին ԽՍՀՄ եւ Արեւեեան Եւրոպայի երկիրները։
Վերը նշուած քաղաքներուն մէջ մասնակցած եմ տարբեր հաւաքներու եւ հանդիպումներ ունեցած են հայ ընտանիքներուն հետ։
Այս բոլոր ծրագիրներուն լայնօրէն իր աջակցութիւնը ցոյց կու տայ ԱՀԱԸ-ն եւ այս առթիւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք կ՚ուղղեմ ԱՀԱԸ-ին եւ այս աշխատարած կարեւոր կառոյցի գործադիր տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեանին։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի