image

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի այցը ՝Պէյրութ

ԱՀԱԸ-ի  Գործադիր   Տնօրէն  Զաւէն Խանճեանի  այցը ՝Պէյրութ

Մօտ 40 ՄԱՀԱԵՄի մէջ գործող աշխարհականներ, հովիւներ եւ իրենց կողակիցներ հաւաքուեցան Պուրճ Համուտի Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, Նոր Մարաշի Եկեղեցիին կից՝ 2 Յունիս 2021ի երեկոյեան, սրտակցութեան եւ գնահատանքի հաւաքի մը համար, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գործադիր Տնօրէնի՝ Պրն. Զաւէն Խանճեանի եւ իր տիկնոջ Սօնայի այցելութեան առիթիվ։

Նոր Մարաշի եկեղեցւոյ հովիւը, Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան, ողջունեց ներկաները դպրոցի նորոգուած սրահին մէջ։ Յատուկ տեսանիւթ նաեւ ներկայացուեցաւ, ցոյց տալով Օգոստոս 2020ի պայթիւնի աւերները Միութեան կառոյցներու եւ անոնց նորոգուած վիճակը։ Բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ խօսք առին Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, ՄԱՀԱԵՄի Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, եւ ինք՝ Պրն. Խանճեան։

Պրն. Խանճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց հաւատքը առ Աստուած որպէս պատուանդան՝ ԱՀԱԸի բոլոր գործունէութիւններու, աշխարհասփիւռ հայ ազգին բարոյական, նիւթական եւ հոգեւոր վերելքին համար։

Իւրայատուկ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Պրն. Խանճեանի եւ ԱՀԱԸ-ի՝ տարիներու ընթացքին իրենց ցուցաբերած յարատեւ աջակցութեան համար։ Յուշանուէրը մանրակերտն էր Պէյրութի Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի գունաւոր ապակեղէն խաչին, որ բաղկացած էր պատուհանին փշրուած ապակիի կտորներով։

Վեր. Նախագահին օրհնութեան աղօթքէն վերջ՝ ներկաները շարունակեցին հաղրդակցութիւնը հիւրասիրութեան սեղանի մը շուրջ, վայելելով իրարու ներկայութիւնը երկար ատեն այդպիսի առիթ չունենալէն ետք