Հոլանտայի Լիմպուրխ նահանգի Մաասթրիխթի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին մէկն է Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներէն, որու շուրջ հաւատացեալներու համախմբուածութիւն կայ։
Հոլանտական այդ քաղաքին մէջ հայ ընտանիքներու թիւը 100-էն աւելի է, ուստի դեռ 10 եւ աւելի տարիներ առաջ անհրաժեշտութիւն զգացուած էր հայկական եկեղեցի ունենալու եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդոյթները շարունակելու։
14 տարի առաջ Մաասթրիխթի հայ համայնքի ուժերով ձեռք բերուած կրօնական կառոյցը հայկական եկեղեցւոյ վերածուած եւ օծուած է 2013 թուականին, իբրեւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցի։ Այն Լիմպուրխ նահանգի միակ հայկական եկեղեցին է։
Փետրուար 9-ին Մաասթրիխթի մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուած է եկեղեցւոյ օծման 12-ամեակը։ Այդ առիթով Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը սուրբ եւ անման պատարագ մատուցած է Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հաւատացեալները ներկայ գտնուած են մատաղօրհնութեան արարողութեան։ Տօնական առիթով եկեղեցւոյ մէջ հաւատացելաներու հոծ բազմութիւն հաւաքուած էր։
Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան իր քարոզին մէջ պատգամած է հեռաւոր ափերու մէջ գտնուող հայ համայնքին՝ ըլլալ աւելի համախմբուած եւ գործել ի շահ հայ եկեղեցւոյ, պահել ազգային, եկեղեցական աւանդոյթները։
Եկեղեցւոյ օծման 12-րդ տարելիցը մաասթրիխահայերու եւ մօտակայ համայնքներէն յատուկ այդ առիթով ժամանած հայ հաւատացեալներու համար նշանաւորուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագրով։ Ինչպէս տեղեկացանք Մաասթրիխթի «Անի» համայնքի ղեկավար եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Սարգիսէն, ելոյթ ունեցած են քանոնահարուհի Նարէ Խորէնը, սոփրանօ Միլենա Բեգլարեանը, սոփրանօ Տաթեւիկ Աշուրեանը, քաղաքի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի սաները։
1998-ին կազմաւորուած «Անի» հայ համայնքը, հակառակ հայաշունչ ըլլալուն, ինչպէս սփիւռքահայ շատ համայնքեր, հայապահպանութեան, համախմբուած ըլլալու առումով երբեմն կը կանգնի բնական դժուարութիւններու առջեւ։ Այդ ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրեն ինչպէս հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորները, այնպէս ալ՝ համայնքային կեանքը կազմակերպողները։
Այս հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ համայնքի հոգեւոր աշխոյժ կեանքի մասին «Արեւելք»ը հարցազրոյց ունեցաւ համայնքի ղեկավար Լեւոն Սարգիսի հետ, որ պիտի ներկայացնենք յառաջիկային։