image

Աղէտէն 27 Տարի Ետք Գիւմրին Կը Մնայ Իր Ցաւին Մէջ

Աղէտէն 27   Տարի Ետք  Գիւմրին  Կը Մնայ Իր Ցաւին  Մէջ

 27 տարի առաջ  այսօր ՝  7 Դեկտեմբեր   1988-ին  Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը ցնցեց ողջ Հայաստանը:  Ուժգին ցնցումները կէս վայրկեանի մէջ աւերեցին  երկրի գրեթէ ողջ հիւսիսային մասը` ընդգրկելով մօտ 1 միլիոն բնակչութիւն ունեցող տարածք:Երկրաշարժի կեդրոն Սպիտակի մէջ, ցնցումներուն ուժգնութիւնը կազմած է 10 բալ (12-բալանոց սանդղակով):  Ծանր  ցնցումները զգացուած էին Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ:Մասնագէտներու հաշուարկներով` երկրաշարժի պահուն երկրակեղեւի պատռուածքի գօտիէն ազատուած է Հիրոշիմայի վրայ նետած աթոմային ռումբի նման 10 աթոմային ռումբի պայթիւնին հաւասարազօր ուժգնութիւն: Երկրաշարժին առաջացուցած ալիքը տարածուեցաւ  Հայաստանով մէկ եւ զգալի դարձաւ  Եւրոպայի, Ասիոյ, Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ      երկրաբանական  կեդրոններուն մէջ:Պաշտօնական տեղեկութիւններով` զոհուեցաւ  էր աւելի քան 25 հազար մարդ, 19 հազարը դարձաւ   հաշմանդամ, անօթեւան մնացին  530 հազար բնակիչ:Երկրաշարժին հետեւանքով հիմնովին աւերուեցաւ  Սպիտակ քաղաքը: Սպիտակի եւ մօտակայ գիւղերու հետ մէկտեղ  բնութեան տարերքը աւերած էր 21 քաղաք ու աւան, 324 գիւղ, ոչնչացուցած Հայաստանի երկրորդ քաղաք Գիւմրիի բնակելի, հասարակական եւ արդիւնաբերական հատուածի 80 տոկոսը: Մեծ աւերածութիւններ եղած էին նաեւ  Վանաձորի մէջ: Երկրաշարժը շարքէ հանած էր երկրի արդիւնաբերական ներուժի մօտ 40 տոկոսը: Աղէտէն  ետք Հայաստանին օգնութեան եկած էին Խորհրդային Միութիւնն ու ողջ աշխարհը: Մտատանջողը այն է, որ     ծանր աղէտէն 27  տարի անց Գիւմրին  ցայսօր  ունի բազում հիմնահարցեր եւ անոր մեծ թիւով   գրեթէ անապահով  բնակիչները կ'ապրին     երկաթեայ վակոն- տնակներու  մէջ: