«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Գիւմրիի մէջ տեղի ունենան արտահերթ ընտրութիւններ: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը:
«Այստեղ պէտք է հաշուի առնել մի քանի հանգամանք: Բախուել ենք որոշակի իրաւական կազուսի հետ: Սրա մասին նաեւ գրում են ընդդիմադիր, հանրային, քաղաքական գործիչներ, որ այնտեղ որոշակի տարընթերցումներ կան եւ իրաւական կոլիզիա կայ փաստացի երկու օրէնքների միջեւ, թէ երբ պէտք է այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան ու առհասարակ կարո՞ղ են այդ ընտրութիւնները տեղի ունենալ առանց համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի»,- նշած է պատգամաւորը:
Ան շեշտած է, որ շարք մը իրաւաբաններ այդ հարցը կը մեկնաբանեն, ըսելով որ համայնքապետն է, որ կը տրամադրէ պաստառներ փակցնելու համար վայրերը, օրէնքով այդպէս գրուած է, եւ եթէ չկայ համայնքապետ, ոչ ոք կրնայ այդ ընել. ընտրատեղամասերու հետ կապուած կարգաւորումները եւս համայնքապետն է, որ կը ստորագրէ ու այստեղ փաստացի որոշակի արտասովոր դէպքի առաջ կանգնած ենք:
«Մարդիկ աշխատավարձ չեն ստանում, ինչն արդէն կառավարման ճգնաժամ է: Մենք հիմա այս իրաւական խնդիրների կարգաւորման փուլում ենք դեռ, որ հասկանանք՝ ինչ մեխանզիմներ կան այս կազուսը շրջանցելու, կարգի բերելու համար:
Քաղաքի վիճակը մեզ շատ է անհանգստացնում, պէտք է ասեմ՝ խստօրէն դատապարտելի է «Բալասանեան» դաշինքի նման վարքագիծը, որ քաղաքը մատնել են անտէրութեան: Դրա պատճառով քաղաքային աշխատողներն աշխատավարձ չեն ստանում, փաստացի քաղաքն աղբի մէջ քիչ է մնում կորի, այդ ամէն ինչը մեզ համար խստօրէն դատապարտելի է»,- ըսած է ան:
Ինչ կը վերաբերի «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի հրաժարելուն, ան նշած, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը հրաժարած է դաշինքի իր մասէն, բայց «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը մանթատները չէ դրած, կառավարման ճգնաժամ չէ առաջացուցած, այլ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը սկսած է աշխատիլ որպէս ընդդիմադիր:
Ինչ կը վերաբերի անոր, որ ճնշումներու պատճառով «Բալասանեան» դաշինքի աւագանիի անդամները մանթատները վար դրած են, ան ըսած է՝ իշխանութիւնը եթէ որոշէր ճնշել աւագանիի մեծամասնութիւն չկազմող խմբակցութիւններէն մէկուն, ապա կը ճնշէր այնպէս, որ այդ խմբակցութենէն ուղղակի քանի մը հոգի կ՚ընտրէին «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի թեկնածուն:
Դիտարկման՝ ըսած են՝ ճնշեր էք, ան ըսած է. «Ո՞վ է ասում, լկտի սուտ է, եթէ նման մարդ կայ, թող իր անունից խօսի ու այդ ստերի համար պատախան տայ, իրենք պարզապէս փորձում են վրէժ լուծել Գիւմրիից ու գիւմրեցուց»: