երմանահայ (արմատներով Լիբանանէն) ազգային գործիչ Տօքթ. Ռաֆֆի Պէտիկեան կը գրէ՝
Այսօր Գերմանահայութիւնը կորսնցուց իր երկու կարկառուն դէմքեր։
Առտուայ 2ին հասաւ տիկին Մինու Նիքպեյի մահուան գոյժը։Տիկին Նիքպեյ 40 տարի վարեց Գերմանիոյ ամենամեծ համայնքի՝ Քէօլնի հայ համայնքի ատենապետուհիի պաշտօնը։
Ղեկավարեց նաեւ Երեբունի պարախումբը։Գործունեայ էր նաեւ Քէօլնի Քրիստոնեայ Դեմոկրատ կուսակցութեան մէջ։
Մի քանի ժամ ետք Պոլիսէն հասաւ Գերմանիոյ նախկին առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի մահուան լուրը։
Գարեգին Սրբազան Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանի հիմնադրութենէն առաջին օրէն սկսեալ ստանձնեց Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդի պաշտօնը եւ երեսուն տարի վարեց այդ պաշտօնը։
Յարգանք իրենց նուիրումին եւ գործունէութեանը։