Բնիկ Մուսա Լեռցի քահանայ Տ. Մովսէս աւագ քահանան օրերս բոլորեց իր ծննդեան 95-րդ տարեդարձը։
Հայաստան ապրող նաեւ աշխարհով մէկ սփռուած Մուսալեռցիներու շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող Տէր Հայրը մեծ ջանքեր գործադրած է հիմնելու համար Մուսալեռցիներու հայրենակցական միութիւնը, որ տարիներէ ի վեր ժրաջան աշխատանք կը տանի Հայաստանի մէջ։
Բեղուն գործունէութիւն եւ երկար կեանք կը մաղթենք Տէր Հօր, վստահ ըլլալով, որ իր բարի օրինակն ու նուիրական ներկայութիւնն ու գործը վարակիչ դառնան բոլորիս համար։