image

68-ամեայ Քեթրին Քոնոլին յաղթած է Իրլանտայի նախագահական ընտրութիւններուն

68-ամեայ Քեթրին Քոնոլին յաղթած է Իրլանտայի նախագահական ընտրութիւններուն

Իրլանտայի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած է անկախ թեկնածու Քեթրին Քոնոլին։ Այս մասին յայտնած են իրլանտական լրատուամիջոցները։

Անոր հիմնական մրցակից Հիզեր Համֆրիս շնորհաւորած է նորընտիր նախագահը։

«Քեթրինը պիտի դառնայ բոլորիս նախագահը։ Ան պիտի ըլլայ իմ նախագահը։ Ես անոր լաւագոյնը կը մաղթեմ։ Ես որեւէ բանի համար չեմ ափսոսար»,- նշած է Համֆրիս։

68-ամեայ Քեթրին Քոնոլին Իրլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ է։