Երեւանի Փուշքինի փողոցի շէնքերէն մէկուն վրայ պատկերուած 44-օրեայ պատերազմի մասնակիցներու դիմանկարները եւ յարակից գրառումները ներկելու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթով ձերբակալուած 62-ամեայ կնոջ նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի (Խուլիկանութիւնը) 1-ին մասով։
Այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէն:
Վերջինս ընդունած է մեղադրանքը, յայտարարած, որ կը զղջայ կատարուածի համար։
Վարոյթն իրականացնող մարմնի կողմէ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը, եւ անձն ազատ արձակուած է արգելանքէն։
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։