Յունիս 3-ին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ պիտի հրաւիրուի:
«ՀՀ Սահմանադրութեան 100-րդ եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 41-րդ յօդուածների համաձայն` Ազգային ժողովի պատգամաւորների նախաձեռնութեամբ Յունիսի 3-ին` ժամը 16:00-ին, ԱԺ նախագահի որոշմամբ կը գումարուի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ», այս մասին կը յայտնեն Աժ-էն:
Նիստի օրակարգին հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններն են. արտահերթ նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններունն է: