image

3 Տարի առաջ ծեծի հետեւանքով մահաքունի մտած սպային վիճակը ահաւոր ծանր

3 Տարի առաջ ծեծի հետեւանքով մահաքունի մտած սպային վիճակը ահաւոր ծանր

Եղեգնաձորի մէջ դաժանաբար ծեծի ենթարկուած եւ արդէն 3 տարիէն  աւելի մահաքունի մէջ գտնուող փոխգնդապետ Արա Մխիթարեանի վիճակը կտրուկ վատացած է, զայն տեղափոխած են Մուրացանի բժշկական կեդրոն: Այս մասին յայտնած է փոխգնդապետի եղբայրը՝ Կարէն Մխիթարեան՝ նշելով, որ եղբօր մօտ ներքին օրկաններու հետ խնդիր կայ, նաեւ ներքին արիւնահոսութիւն առաջացած է:

Ան անդրադառնալով ՔՊ-ական պատգամաւոր Տրդատ Սարգսեանի ԱԺ-ի մէջ օրերս ըրած յայտարարութեան ըսած է, որ թող գործը վերաբանան եւ նորէն քննեն. «4 հոգի իրեն տեսել են, ոնց կարող է ասել, որ սուտ է, եթէ կարող է՝ թող ապացուցի, որ սուտ է: Փաստօրէն դուրս է գալիս, որ 4 զինուորականներին միայն Յարութիւննն է  խփել, նրանք էլ կանգնած նայել են՝ ոնց են ծեծում իրենց: Ըստ իրենց՝ իրենք ճիշդ են, մենք սխալ, երեւի մեզ պէտք է դատեն սուտ մատնութեան համար»:

Նշենք, որ օրերս ՔՊ-ական պատգամաւոր Տրդատ Սարգսեան Ազգային ժողովին մէջ բողոքած էր գլխաւոր դատախազին, որ փոխգնդապետի ծեծի գործով իր նկատմամբ «սուտ մատնութիւն» իրականացուած է:

Յիշեցնենք, որ Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ՝  Յարութիւն Գրիգորեանը մեղաւոր ճանաչուած է եւ դատապարտուած ազատազրկման՝ 5 տարի ժամկէտով։ 

Յարութիւն Գրիգորեանը մեղսագրող 118-րդ յօդուածով՝ ծեծի դրուագով, վերջինիս նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադարեցուած է՝ վաղեմութեան ժամկէտներն անցած ըլլալու հիմքով։ 

Յիշեցնենք, որ փոխգնդապետ Արա Մխիթարեան դաժան ծեծի ենթարկուած էր 2019-ի 18 սեպտեմբերին Վայոց Ձորի մարզի Եղեգնաձոր քաղաքի Արսէնեան փողոցի շենքերէն մէկու բակին մէջ եւ շուրջ 3 տարիէն աւելի կը գտնուի մահաքունի մէջ։ Հարազատներու պնդմամբ՝ փոխգնդապետի նկատմամբ կիրառուած բռնութեան անմիջական մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Տրդատ Սարգսեան, որ այս աղմուկի հետեւանքով յայտարարեց մարզպետի պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին։

Միջադէպին մարզպետի ներկայութեան հանգամանքը իրենց ցուցմունքներով պնդած են նաեւ 3 վկաներ, այդուհանդերձ նախկին մարզպետին մեղադրանք չէ առաջադրուած։