Երեք սկզբունք կայ, եթէ Պաքուն համաձայնի, ուրեմն խաղաղութեան պայմանագիրը Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած է։ Այս մասին, հոկտեմբեր 4-ին, Ազգային Ժողովէն ներս յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանի՝ ստորագրուելիք հաւանական համաձայնութեան վերաբերեալ հարցին։
«Անշնորհակալ գործ է ուղղակի այս իրավիճակին մէջ գնահատականներ տալ, որովհետեւ գնահատականները անկախ անկէ, թէ ինչքանով առարկայական են կամ ենթակայական, անոնք որոշակի ազդեցութիւն պիտի ունենան իրավիճակի վրայ։ Կը կարծեմ՝ այսօր կարեւոր խնդիր է, որ մենք կարենանք այնպէս ընել, որ խաղաղ գործընթացը շարունակուի, եւ շարունակուի քանի մը առանցքային սկզբունքներու հիման վրայ: Այդ սկզբունքներու մէջ ոչ մէկ նոր բան կայ, ատոնց մասին գիտեն բոլորը: Այդ սկզբունքներն արձանագրուած են 2023 թուականի յուլիս 15-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած յայտարարութեան հետեւած յայտարարութեան մէջ, որ ըրած է Եւրոպական Միութեան նախագահը. այդ սկզբունքները հետեւեալն են, որ 2 երկիրները՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը այն ըմբռնմամբ, որ ՀՀ տարածքը՝ 29,800 քառակուսի քիլոմեթր է է, Ատրպէյճանինը՝ 86,600 քառակուսի քիլոմեթր, երկրորդը՝ Ալմաթիի հռչակագիրը պէտք է դառնայ քաղաքական հիմք սահմաններու սահմանագծման եւ հետագային նաեւ սահմանազատման համար»,- ընդգծած է Փաշինեանը։
Անոր խօսքով՝ կարեւոր է, որ սահմանագծման ընդառաջ որոշում կայացուի եւ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, թէ որ քարտէզներու հիման վրայ պիտի ըլլայ սահմանագծումը եւ սահմանազատումը․
«Այն պէտք է տեղի ունենայ 1975 թուականի քարտէզներու հիման վրայ, բայց սկզբունքօրէն այնպէս չէ, որ այդ մեր դիրքորոշումը այսպէս՝ շատ կարծր է։ Երրորդը տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու բացումը տեղի պիտի ունենայ երկիրներու ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, օրէնսդրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքի վրայ։ Եթէ Ատրպէյճանը հրապարակային այս սկզբունքներուն իր նուիրուածութիւնը վերահաստատէ, գործնականապէս կրնանք համարել, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը ընդամէնը կարճ ժամանակի հարց է։ Խնդիրն այն է, որ Ատրպէյճանի բարձրագոյն պաշտօնեաները կ'ըսեն, որ խաղաղութեան գործընթացին համաձայն են, սակայն չեն վերահաստատեր իրենց հաւատարմութիւնը այդ սկզբունքներուն, որ կասկածներ կ'առաջացնէ, որ իրենք խաղաղութիւն ըսելով նկատի ունին իրենց որոշակի ենթադրեալ նկրտումները Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ իրականացնելէ ետք։ Եթէ իրենք վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը այդ 3 սկզբունքներուն, ապա կրնանք համարել խաղաղութիւնը գործնականապէս կայացած»։