Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն Հռոմի մէջ տեղի ունեցած G20 գագաթաժողովին բանակցութիւններ վարած են։
Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան՝ «զրոյցի ընթացքին հիմնական ուշադրութիւնը յատկացուած է Պալքաններու եւ Անդրկովկասի մէջ իրավիճակի հետագայ կայունացման ուղղութեամբ երկու երկիրներու ջանքերու համակարգման»։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ «միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է «3+3» տարածաշրջանային մեխանիզմի գործարկման հեռանկարներու շուրջ՝ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերը ապաշրջափակելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխշահաւէտ ենթակառուցուածքային նախագիծերը խթանելու նպատակով»։