image
Հրատապ լուրեր:

«3+3» հարթակը պէտք է ըլլայ փոխշահաւէտ եւ փոխընկալելի. Վահէ Գրիգորեան

«3+3» հարթակը պէտք է ըլլայ փոխշահաւէտ եւ փոխընկալելի. Վահէ Գրիգորեան

Դեկտեմբեր 10-ին Մոսկուայի մէջ կայացած է «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի առաջին հանդիպումը արտաքին գործոց փոխնախարարներու Ա. Ռուտենքոյի (Ռուսաստան), Ա. Խալաֆովի (Ատրպէյճան), Վ. Գէորգեանի (Հայաստան), Ս. Օնալի (Թուրքիա), ինչպէս նաեւ Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն Ա. Հակիկեանի մասնակցութեամբ: Վրաստանի ներկայացուցիչները, որոնք նոյնպէս հրաւիրուած էին, ձեռնպահ մնացած են հանդիպման մասնակցելէ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային բազմակողմ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հարթակին աշխատանքը կեդրոնացնել անոր բոլոր մասնակիցներուն հետաքրքրող գործնական հարցերուն վրայ։ Անոնք կը ներառեն վստահութեան բարձրացման, առեւտուրի, տնտեսական, ճանապարհային, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանուր մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները դիմակայելուն ուղղուած միջոցառում:

Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահէ Գէորգեան վերահաստատած է հայկական կողմին դիրքորոշումը, որ տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի օրակարգը պէտք է միտուած ըլլայ տարածաշրջանային համագործակցութեան փոխշահաւէտ եւ փոխընկալելի օրակարգի ձեւաւորման՝ զերծ մնալով միջազգային այլ հարթակներու, ընդ որում՝ հակամարտութիւններու կարգաւորման մանտաթ ունեցող ձեւաչափերու գործունէութեան կրկնորդումներէ։

Համապատասխան նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու հնարաւոր ներգրաւմամբ քննարկուած են հետագայ քայլերն ու ապագայ աշխատանքային ծրագրերը։