image

«2022-ը պէտք է շրջադարձային ըլլայ Եւրոպայի համար». Մաքրոն

«2022-ը պէտք է շրջադարձային ըլլայ Եւրոպայի համար». Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած, որ «2022 թուականը պէտք է շրջադարձային ըլլայ Եւրոպայի համար», այս յայտարարութիւնը հնչած է Ֆրանսայի կողմէ Եւրոմիութեան մէջ նախագահութիւնը ստանձնելու լոյսին տակ:

Ան խոստացած է, որ «ԵՄ-ի մէջ Ֆրանսայի նախագահութեան այս շրջանը, որ կու գայ 13 տարին մէկ, մարդոց համար յառաջընթացի ժամանակաշրջան պիտի ըլլայ»:

Մաքրոնը իր ելույթին մէջ յայտարարած է ԵՄ դաշինքի համար բաւականին յաւակնոտ օրակարգի մասին, որ կրնայ ծառայել նաեւ Մաքրոնի՝ Ֆրանսայի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ վարկանիշը բարձրացնելու եւ վերընտրուելու նպատակին:

Մինչդեռ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պաերպոք յայտարարած է. «Ֆրանսայի նախագահութիւնը կարեւոր հնարաւորութիւն է, որ մենք կը փափաքինք միասին օգտագործել՝ Եւրոպան ամրապնդելու եւ վաղուայ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար»: