image

1915 թուականի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն չեն». Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան

1915 թուականի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն չեն». Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան

1915 թուականի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն չեն». այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճին՝ ելոյթ ունենալով Ատրպէյճանի պետական տնտեսական համալսարանին մէջ «Հայերու մտացածին ցեղասպանութիւն. յայտարարութիւններ եւ փաստեր» թեմայով համաժողովին։

«Ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացութիւն է, այդ իսկ պատճառով 1915 թուականի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» անուանելը ճիշդ չէ», -ըսած է ան:

Դեսպանը յիշեցուցած է, որ 2005 թուականին Թուրքիան առաջարկած է ստեղծել 1915 թուականի իրադարձութիւնները հետաքննող համատեղ յանձնաժողով, սակայն հայկական կողմը դեռ չէ արձագանգած այս առաջարկին։

Նշենք, որ Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով աւելի քան 1,5 միլիոն հայ սպանուած է: