image

14 Արցախցիներ միացան ՀՕՄ-ի ընտանիքին

14 Արցախցիներ միացան ՀՕՄ-ի ընտանիքին

19 Օգոստոսին Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի Ստեփանակերտի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է երդման արարողութիւն։ 14 արցախցիներ միացած են ՀՕՄ-ի շարքերուն։

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեանն իր խօսքին մէջ կարեւորած է Հայաստանի եւ Արցախի համար այս դժուարին ժամանակահատուածին մէջ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին միանալու ընկերուհիներու պատրաստակամութիւնը եւ մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք։ 

Նախքան երդման արարողութիւնը դիմումնագիրներու հետ կայացած է հանդիպում, որուն ներկայ եղած է նաեւ եռօրեայ այցով Արցախ գտնուող ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի անդամ՝ Ընկերուհի Անժել Մանուկեանը: