Արցախեան գոյամարտի ընթացքին հերոսաբար կռուած եւ նահատակուած Ազատ Մաճարեանի ընտանիքին զօրավիգ կանգնելու արշաւ մը ընթացք առած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Նշենք, որ դժուար պայմաններու տակ գտնուող հերոս Ազատի ընտանիքին օժանդակելու համար կարող էք օգտագործել հետեւեալ կապը, եւ այդ միջոցաւ մասնակցիլ հայ ընտանիքի մը զօրակցելու աշխատանքներուն։
Մեզմէ իւրաքանչիւրի օժանդակութիւնը կենսական է այսօր, որպէսզի միասնաբար՝ ազգովին կարողանանք դուրս գալ այս մեծ ողբերգութիւնէն։
Խօսքէն անդին, դէպի գործ, օ՜ն հայեր։