Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը մեկնաբանած է կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի վերջերս կատարած հակահայկական յայտարարութիւնները, մասնաւորապէս «Թքած Հայաստանի վրայ» արտայայտութիւնը։ Այս մասին նշած է novostink.ru-ն:
Ըստ մամլոյ ծառայութեան՝ Ժիրինովսքիի բառերը միանգամայն սխալ մեկնաբանուած են ու դուրս բերուած են ընդհանուր պարունակէն։ «Թքած ունենալ» արտայայտութիւնը չէր վերաբերեր Հայաստանին կամ հայ ժողովուրդին, այլ՝ այն իրավիճակին, որ անմիջականօրէն կապուած է այդ տագնապին հետ (Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման -Խմբ.):
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ կուսակցութիւնը աջակցած է եւ կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին՝ պատմական, աշխարհագրական, ազգային եւ մշակութային բնոյթի հարցերու մէջ: