Թուրքիա- («Ալ-Պալատ»- Պէյրութ)- Անվտանգութեան աղբիւրներ յայտարարած են, որ երէկ թրքական պատերազմական օդանաւներ հարուածած են ծայրայեղական քիւրտերու դիրքերը՝ Իրաքի հիւսիսը եւ Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Պալատ», նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նոր պարետային ժամ յայտարարած են գիւղական շրջաններուն մէջ, շարունակելով բանակի եւ ոստիկանութեան կողմէ զինեալներու դէմ պայքարը:
Թուրքիոյ մէջ դիրքեր հարուածած օդանաւները թիրխ դարձուցած էին Տիար Պեքիրի Լիճէ գիւղը, եւ Իրաքի սահմանակից Սէմտինլին:
Կռիւները սկսած էին վարչապետ Ալի Եըլտըրըմի յայտարարութենէն ետք, ուր կ'ըսէր, որ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակեցուած երկրի հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւնները վերջացած են, նշելով, որ կառավարութիւնը այսույետ պիտի կեդրոնանայ վերակառուցման աշխատանքներուն վրայ: