image

Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնը Ազգային ժողովի կողմէ կրկին չընդունուեցաւ

Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնը Ազգային ժողովի կողմէ կրկին չընդունուեցաւ

Ազգային ժողովի այսօրուան արտահերթ նիստի ժամանակ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները դրուեցան քուէարկութեան։ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեանը «երկարեց» քուէարկութեան պահը, որպէսզի բոլոր պատգամաւորները կարողանան մասնակցիլ քուէարկութեան։

62 կողմ ձայներով քուէարկութիւնը կրկին տապալեցաւ, քանի որ սահմանադրական օրէնքի ընդունման համար անհրաժեշտ են աւելի շատ ձայներ։ Մասնաւորապէս, Ընտրական նոր օրէնսգիրքի ընդունման համար պակասած էր ընդամէնը մէկ ձայն: