image

Ուալիտ Պըն Թալալ Նիւ Եորքի մէջ դատ պիտի բանայ գահաժառանգ Մոհամմատին դէմ

Ուալիտ Պըն Թալալ Նիւ Եորքի մէջ  դատ պիտի բանայ գահաժառանգ Մոհամմատին դէմ

Աշխարհի ամենահարուստ այրերէն Ուալիտ Պըն Թալալ, որ վերջերս Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալմանի հրահանգով կալանաւորուած էր, «Ռիթզ» հիւրանոցէն հարցաքննութեան վայր տեղափոխուած ժամանակ բարձր ձայնով բացականչած է. «Ոչ մէկ կոպէկ պիտի վճարեմ Մուհամմատ Պըն Սալմանին, եւ անոր դէմ Նիւ Եորքի մէջ միջազգային խոշորագոյն դատական հայց պիտի ներկայացնեմ, 100 միլիառ տոլարի փոխհատուցում պահանջելով»:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, Ուալիտ Պըն Թալալ պնդած է, որ միակ հարցաքննութիւնը, որուն պիտի ընդունի մասնակցիլ այն է, որ միջազգային դատարանի դիմաց տեղի պիտի ունենայ, եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վերջինիս Նիւ Եորք գտնուող փաստաբանները:

Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ ոստիկանութիւնը անմիջապէս շրջապատած է Պըն Թալալը, արգիլելով վերջինիս բարձրաձայն արտայայտուիլ, սակայն ան շարունակած է բացականչել ու լրագրողներուն անհասկնալի բաներ ըսել: