image

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան քարոզած է Անգլիոյ Bunyan Meeting Եկեղեցւոյ մէջ

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան   քարոզած է Անգլիոյ Bunyan Meeting Եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի 8 մայիսին Վեր. Յարութիւն Սելիմեան հրաւիրուած էր Անգլիոյ Bunyan Meeting եկեղեցիին կողմէ՝ մատուցելու կիրակնօրեայ քարոզը յիշեալ եկեղեցիին մէջ: Սոյն եկեղեցին հիմնադրուած է 1650-ին եւ կը համարուի Անգլիոյ ամէնահին եկեղեցիներէն մին: Վեր. Յ. Սելիմեան իր քարոզին ընդմէջէն անդրադարձաւ թէ՝ ինչպէս Տէր Յիսուս երեք տարիներու վրայ երկարող ժամանակաշրջանին մէջ, իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէս ծառայութիւն ընել, նոյնիսկ գործածել իրենց ծառայելու, ազատ ըլլալու իրաւունքն ու որոշումը, սիրոյ եւ ողորմութեամբ լեցուած սրտէ բխած: Անիկա սորվեցուց անոնց ինչպէս լսել Հօրը եւ ինչպէս կարելի է մեծնալ Սուրբ Հոգիին ապաւինելով եւ վստահելով, ինչպէս կարելի է հնազանդիլ Աստուծոյ  առաջնորդութեան եւ հաւատալ, թէ Աստուած մեծ հրաշքներ կարող է ընել իւրաքանչիւրին միջոցաւ: Վերապատուելին իր պատգամը աւարտեց կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն Տէր Յիսուսի պատուէրին հնազանդելով շարունակել Անոր առաքելութիւնը այս երկրի վրայ (Մատթ. 28:19-20):