Սուրիոյ հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, որ օրերս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, այցելութիւն մը տուած է Ամերիկայի հայ դատի գրասենեակ եւ ընդունուած Ամերիկայի Հայ Դատի (ANC) գրասենեակի վարիչ Արամ Համբարեանին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին քննարկման նիւթ դարձած է սուրիահայութեան ընդհանուր իրավիճակը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած քաղաքական աշխատանքները՝ սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու առընթեր: Վերապատուելի Սէլիմեան հանդիպման ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուցած է սուրիահայութեան ընդհանուր իրավիճակը եւ շեշտադրած Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին գոյութեան պահպանման հիմնական պատճառները եւ ներկայացուցած կարեւորութիւնը առհասարակ հայութեան համար: Նշենք, որ Վերապատուելի Սէլիմեան ԱՄՆ կ'այցելէ մասնաւորապէս իր մասնակցութիւնը բերելու SARF -ի (Սուրիահայութեան Օգնութեան Մարմին) կազմակերպած Թէլէթոնի նախապատրաստման աշխատանքներուն: