image

Վանաձորի մէջ կորսուած է 12-ամեայ պատանի

Վանաձորի մէջ կորսուած է 12-ամեայ պատանի

Երէկ Վանաձորի մէջ աութիզմ ունեցող 12-ամեայ երեխայ կորած է:

Կորած երեխայի որոնման աշխատանքներոսն միացած են նաեւ ԱԻՆ աշխատակիցներն ու ոստիկանութիւնը:

ԱԻՆ լրատուական բաժնէն տեղեկացուցած են, որ 7 նոյեմբերին՝ ժամը 13:30-ին, «911» ծառայութեան տեղեկութիւն հաղորդուած է, որ 6 նոյեմբերին՝ ժամը 19:00-ի սահմաններուն, Ա. Մ.-ն (12 տ., կը տառապի աութիզմով) Վանաձոր քաղաքի Մարգարեան փողոցի տուներէն մէկէն դուրս եկած է եւ չէ վերադարձած:

Աւելի վաղ, ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ տեղեկացնելով, որ 12-ամեայ երեխան կ'որոնուի որպէս անհետ կորած: