image

Ծանր սկիզբ մը Թուրքիոյ մէջ. Ահաբեկիչներու կրակով զոհուած են 39 անձեր

Ծանր սկիզբ  մը Թուրքիոյ մէջ. Ահաբեկիչներու կրակով զոհուած են   39  անձեր

Երէկ  կէսգիշերը անց   ահաբեկչական  յարձակում մը եղած է Պոլսոյ  էջ:  Ըստ    BBC Arabic  կայանին,  երկու անձներ, որ   հագած են  Կաղանդ պապայի զգեստներ, մուտք գործած  են Օրթագէօյ  շրջանին մէջ   եղող գիշերային  ակումբ մը եւ կրակ բացած են Նոր տարին դիմաւորող  մարդոց վրայ:  մէջ Ըստ  նախնական տուեալներու,   կրակոցներուն    հետեանքով  զոհուած    են 39 անձեր, որոնց  16-ը   օտար  զբօսաշրջիկներ են եւ   կան  69 վիրաւորներ:  Մինչեւ այս պահը ոչ մէկ կողմ ստանձնած է ահաբեկչական  գործողութեան պատասխանաոտւութիւնը, իսկ երկրի  ներքին գործոց նախարար      Սիւլայման Սոյլու  յայտարարած է, որ  ոստիկանութիւնը մեծ ճիգեր կ'իրականացնէ    գտնելու համար յանցագործները:

Դէպքէն ետք հազարաւոր ոստիկաններ     արտակարգ րէժիմի դրութեամբ    ստանձնած են  քաղաքի   գլխաւոր պողոտաներուն ապահովուփիւնը:

Նշենք, որ   անցեալ     տարուան  ընթացքին  Պոլսոյ մէջ գրանցուած  էին ահաբեկչկական 6  պայթումներ: