image

Տիգրան Համասեանի «Լոյս Ի Լուսոյ» համերգը Հոլիվուտի մէջ

Տիգրան Համասեանի «Լոյս Ի Լուսոյ» համերգը Հոլիվուտի մէջ

Ամերիկայի մէջ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան Մշակութային հարցերու բաժանմունքի եւ Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկի կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 29 ապրիլին, Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ արուեստի երեկոյ մը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ երաժիշտ Տիգրան Համասեանը: 

Համասեան միջոցառման հանդէս պիտի գայ հայ եկեղեցւոյ շարականներու եւ հայ հոգեւոր երգերու իր իւրայատուկ մեկնաբանութիւնները համադրող «Լոյս Ի Լուսոյ» շարքի կատարմամբ:

Նշենք, որ աշխարհահռչակ դաշնակահարը Մարտ 2015ին Երեւանի մէջ սկսած էր իր «Լոյս Ի Լուսոյ» համերգներու շարքը, Երեւանի Սենեկային երգչախումբի անդամներու ընկերակցութեամբ, որմէ ետք նոյն համերգը ներկայացուած էր Պատմական Հայաստանի կարգ մը քաղաքներու, ինչպէս նաեւ՝ Վրաստանի, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Չեխիոյ, Իրլանտայի, Լիւքսեմպուրկի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Նոյն անունը կրող սոյն ստեղծագործութեանց ալպոմը հրապարակուած է հեղինակաւոր ECM ընկերութեան կողմէ:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ