image

Տիարպէքիրի հայկական եկեղեցիները պիտի վերանորոգուին

Տիարպէքիրի  հայկական եկեղեցիները պիտի վերանորոգուին

Տիարպէքիրի  (Տիգրանակերտ)  մէջ   մեծ աւերածութիւններու ենթարկուած    հայկական  եկեղեցիները պիտի վերանորոգուին: Այս   մասին  կը յայտնէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, որ նոյնպէս կը փոխանցէ, որ Սուր թաղամասին մէջ  գտնուող երկու հայկական եկեղեցիները  կրած  են   խոշոր վնասներ:  Աղբիւրը կը փոխանցէ, որ   այդ վերանորոգումներու  ծախսերը պիտի հոգայ՛ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը, որ  40 միլիոն լիրայի (մօտ 12 միլիոն տոլար) հասնող  պիւտճէ մը նախատեսած է   այդ աշխատանքներու իրականացման համար:   

 Վերակառուցման արդիւնքով պիտի պահպանուի եկեղեցիներու նախնական տեսքը: Գործակալութիւնը նաեւ   փոխանցած է, որ  վերանորոգման աշխատանքները   ընթացք առած են եւ անոնք պիտի տեւեն  երկու տարի: