image

Թուրքիոյ նախկին նախագահը անդրադարձած է հայկական օրակարգին

Թուրքիոյ նախկին   նախագահը  անդրադարձած է հայկական օրակարգին

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտալլա Կիւլ հեռասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին  անդրադարձած է հայկական  օրակարգին: Կիւլ, որ խօսած է  Al Arabiya.net    կայանէն նկատել տուած  է, թէ   ինք մեծ յոյսեր ունէր  Հայաստան- Թուրքիա արձանագրութիւններու կէտերուն իրականացման   առընթեր: Կիւլ նաեւ ըսած է, թէ ինք         հայկական կողմին  հետ խնդիրներու լուծման համար է, որ    մեկնած  է  Հայաստան ու   ապա   Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը  հրաւիրած է   Թուրքիա:    Կիւլ նաեւ խօսած է  քրտական հարցին մասին  ըսելով, որ    PKK-ի   գործողութիւնները   շատ  մեծ վնասներ կը գործեն երկրին մէջ  նկատել տալով, որ ինք  քրտական  հարցին  առնչութեամբ կողմ է «փափուկ քաղաքականութեան», հաւաստելով նաեւ, որ Թուրքիան,  իբր  պետութիւն,    այդ հարցին    առնչութեամբ   մեծապէս ուշացած է: