Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութենէն պաշտօնատար մը երէկ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Հանսեորկ Հապեր հրաժարած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը, նշելով, որ այս հարցին վերաբերեալ դեսպանին կամ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ որեւէ յաւելեալ մեկնաբանութիւն չէ նախատեսուած: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութենէն աղբիւր մը հաստատած է լուրը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ դեսպան Հանսեորկ Հապեր քննադատած է Թուրքիոյ կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու ճգնաժամին շուրջ համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքը, եւ անցեալ ամիս իր կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով կանչուած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: