Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան միաւորներ յաջողած են ձերբակալել PKK անդամ 6 զինեալներ,որոնց գլխաւոր պատասխանատուն կը կոչուի Սէտաթ Շիմշէք (յայտնի ՝Սատտամ ծածկանունով): Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Ատանա քաղաքին մէջ, ուր կը կարծուի թէ զինեալները ահաբեկչկական յարձակումներ գործած են կառավարական կեդրոններու դէմ: Լուրը փոխանցող «Տէյլի Սապահ» նոյնպէս կը հաղորդէ, որ 6 անձերէն զատ հարցաքնութեան տակ կը գտնուին 16 կասկածելիներ:
Նշենք, որ յունիս 2015 ի վեր Թուրքիոյ բանակին եւ քրտական կազմակերպութեան միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով սպաննուած են բանակի 700 զինուորներ, իսկ քրտական կողմը տուած է 8000 զոհեր: