Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Թուրքիոյ բանակի բարձրաստիճան սպաներ տարբեր շրջանակներու մօտ հերքած են այն լուրերը, ըստ որոնց իրենք մտադիր էին պետական հարուած կազմակերպել երկրին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ թրքական բանակը հինգշաբթի օր իր պաշտօնական կայքէջին վրայ օտար լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած՝ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը դէմ յեղաշրջման լուրը հերքելով, խոստացած է դատական քայլեր ձեռնարկել նման յայտարարութեամբ հանդէս եկող իւրաքանչիւր կողմի կամ անհատի դէմ: Բանակը այս առումով իր կայքէջին վրայ անսովոր յայտարարութիւն մը թողարկած է, ուր կ'ըսէ «Կարգապահութիւնը, անսահման հնազանդութիւնն ու մէկ ղեկավար գիծի հետեւիլը կը կազմեն թրքական զինեալ ուժերու հիմքը»:
Աղբիւրի համաձայն, լրատուամիջոցներուն մօտ նման տարակարծութեանց տեղիք տուած էր ամերիկացի գիտնական եւ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին պատասխանատու Մայքլ Ռոպընի «Newsweek»ի մէջ հրապարակած «Արդեօք յեղաշրջում պիտի կատարուի՞ Էրտողանի դէմ Թուրքիոյ մէջ» խորագրով յօդուածը: