Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցչութիւնը ետ ուղարկած է Թուրքիոյ մասին ԵԽ-ի տարեկան զեկոյցը, որովհետեւ այնտեղ Անգարային կոչ եղած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Milliyet» թերթը, նշելով, որ ապրիլ ամսուն ԵԽ-ի մէջ 375 կողմ ձայնով ընդունուած «Թուրքիոյ առաջընթացի գնահատման զեկոյցը» Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցչութեան ուղարկուած է 17 յունիսին: Նոյն օրը՝ առանց զեկոյցի հետ կապուած որեւէ գործընթաց իրականացնելու, ներկայացուցչութիւնը անմիջապէս ետ ուղարկած է զայն:
Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, զեկոյցը վերադարձնելու պատճառը այն է, որ ան կը պարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ:
Նշենք, որ նախորդ տարի նոյնպէս Թուրքիան վերադարձուցած էր ԵԽ-ի տարեկան զեկոյցը՝ նոյն պատճառաբանութեամբ: