Կիպրոսը պատրաստ է երկխօսութիւն սկսելու Թուրքիոյ հետ, սակայն ոչ սպառնալիքներու ճնշման ներքոյ: Այս մասին յայտարարած է Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անասթասիատիսը, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Անոր խօսքով՝ Թուրքիան կը շարունակէ սադրանքները Միջերկրական ծովուն մէջ:
Ան նշած է, որ ցաւօք, Թուրքիան կը շարունակէ գործողութիւնները Միջերկրական ծովու ջուրերուն մէջ՝ հակառակ Անգարայի անօրինական գործողութիւնները դադարեցնելուն ուղղուած շարք մը նախաձեռնութիւններուն: