Թուրքիոյ Եւրամիութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու նոր գլուխներու բացումը հնարաւոր չէ այն իրավիճակին մէջ, երբ թրքական իշխանութիւններ պատժիչ գործողութիւններ կ'իրականացնեն: Այդ մասին 13 դեկտեմբերին յայտարարած է Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտըրս: «Ստեղծուած իրադրութեան մէջ հնարաւոր չէ նոր բանակցային յօդուածներ բանալ ԵՄ-ին Թուրքիոյ միանալու գործընթացին մէջ»,- ըսած է ան լրագրողներուն Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանելէն ետք:
Իր հերթին ԵՄ-ի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրակոմիսար Յոհաննէս Հան խոստովանած է, որ ԵՄ-ին Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններ «արդէն մէկ ամիս է, որ չեն իրականացուիր»: Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւնները սրուած են այն բանէն ետք, երբ Եւրախորհրդարանը 24Նոյեմբերին Ստրասպուրկի մէջ կայացած լիագումար նիստին հաւանութիւն տուաւ այն բանաձեւին, որով կոչ ուղղուած էր կասեցնել հանրակցութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները՝ թրքական իշխանութիւններու գործողութիւններուն պատճառով: Այդ մէկը Անգարայի կտրուկ հակազդման պատճառ դարձաւ: