Թուրքիա- Թուրքիոյ մէջ ծանր սքաննտալ կը հասուննայ: Ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակուած է լուսանկար մը, ուր թրքական բանակին պատկանող զինուորական կառքի մը ետին կապուած է դիակ մը եւ կառքը շրջած է քաղաքով մէկ: Ընկերային ցանցերուն վրայ սկիզբ առած քննարկումները կը շարունակուին եւ ըստ «Հիւրիյէթ»ին կառքի ետին կապուած դիակը «Շըրնաք»ի պատգամաւորի տագրն է եւ կը կոչուի ՝ Հաճի Լոքման Պիրլիք: Պիրլիք զոհուած է թրքական ուժերուն եւ PKK-ի միջեւ կատարուած մարտերուն ընթացքին: Նշենք, որ մինչ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու կտրականապէս հերքած է եղելութիւնը անդին HDP -ի ղեկավար Սալահէտին Տէմիրթաշ լրագրողներուն հետ խօսելով յայտարարած է, որ «շատ հաւանական է, որ նման դէպքեր կը կատարուին երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ»: Ան նաեւ ըսած է, որ դէպքը ցոյց կու տայ այն բռնութիւնները , որ կը կատարուին կարգ մը բանակայիններուն կողմէ, բայց այդ չի նշանակեր, որ ամբողջ բանակը այս կերպով կը վարուին: Տէմիրթաշ նաեւ պահանջած է ներքին գործոց նախարար՝Սէլամի Ալթինոքի արագ հրաժարականը: Նշենք, որ ըստ տարբեր աղբիւրներ յայտնած են, որ դէպքը տեղը ունեցած է Շըրնաքի մէջ: